Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 6 նոյեմբերին, Փարիզ Սեն Ժերմեն հիւրը պիտի ըլլայ Պորտոյի: Այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Մայրաքաղաքի կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցումին իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի` նկատի ունենալով, որ ան ցարդ կը շարունակէ ծունկի հետ կապուած խնդիրներ ունենալ:
Սեն Ժերմենէն պիտի բացակային նաեւ Մարքօ Վերաթթի, Ռաֆինիա, Լէանտրօ Փարետես եւ Փրեսնել Քիմփեմպէ:
Իսկ Սերճիօ Ռամոս ցարդ կը սպասէ իր նորամուտը կատարել Սեն Ժերմենի հետ: