Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց Ա. լիկայի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Գիւմրի մեծ արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց «ՖԻՄԱ»-ին դէմ` 118-84 արդիւնքով:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Գիւմրիէն Քեմպըլ (32 կէտ):
Այլ մրցումի մը ընթացքին, Ուրարտու 101-89 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սթարսի դէմ: Յաղթական կազմէն Պրենտըն Անվանիւ նշանակեց 39 կէտ:
Նշենք, որ տարեշրջանի Ա. հանգրուանի բացման մրցումին, Էրեբունի 95-74 արդիւնքով յաղթեց Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին («ԲԿՄԱ»):