Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի ազատ ոճի աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան առաջին օրը, երէկ մրցասպարէզ դուրս եկած Հայաստանի չորս ներկայացուցիչներն ալ, այսօր` շաբաթ, 6 նոյեմբերին, պիտի շարունակեն իրենց պայքարը` մետալներու համար:
Վազգէն Թեւանեան յաջողեցաւ ապահովել աւարտականի իր տոմսը (70 քկ դասակարգին մէջ)` քառորդ աւարտականին յաղթելով իր թուրք մրցակիցին, իսկ կիսաւարտականին` մոլտովացի իր մրցակիցին:
Իսկ մնացեալ երեքը` Մանուէլ Խնձրցեան (57 քկ), Հրաչեայ Մարգարեան (65 քկ) եւ Արման Աւագեան (79 քկ), պիտի շարունակեն իրենց պայքարը` պրոնզէ մետալի համար: