Հայաստանի լողարշաւի հաւաքականի անդամ, 32-րդ ողիմպիական խաղերուն մասնակցած Արթուր Բարսեղեան, Եւրոպայի լողարշաւի ախոյեանութեան Հայաստանի համար մրցանիշ մը հաստատեց:
Ռուսական Քազան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 100 մեթրի մրցումներուն, Բարսեղեան արձանագրելով 48” 09 արդիւնք մը, թէեւ չկրցաւ յաղթահարել կիսաւարտական հանգրուանի արգելքը եւ չկրցաւ ապահովել աւարտականներու իր տոմսը, սակայն յաջողեցաւ Հայաստանի համար նոր մրցանիշ մը հաստատել:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 41 երկիրներէ 405 մարզիկներ: