Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ եւ ակումբին մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Քինկզլի Քոման իրարու հետ համաձայնութեան չկրցան գալ նոր պայմանագիրի մը երկարաձգման գծով:
Այս առիթէն առաւելագոյն ձեւով կը փորձեն օգտուիլ Պարսելոնա եւ Չելսի, որոնք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն իրենց կազմին միացնելու համար 25 տարեկան ֆութպոլիստը:
Նշուեցաւ, որ Քոման Պայէրնէն կը պահանջէ աշխատավարձի կրկնապատկում. այսինքն` փոխան 10 միլիոն եւրոյի 20 միլիոն եւրօ:
Ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը Գերմանիոյ ախոյեանին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023: