Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան երէկ հանդիսացաւ աշխարհի 23 տարեկանէն վար ըմբշամարտի ախոյեան:
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան 61 քկ դասակարգին աւարտականին, Յարութիւնեան, որ մրցեցաւ ռուս Արթուր Չեփորտայեւի դէմ, արձանագրեց 11-7 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իսկ 74 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հրայր Ալիխանեան, որ մրցեցաւ աւստրիացի Սիմոն Մարչըլի դէմ, արձանագրելով 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Նշենք, որ Յարութիւնեանէն եւ Ալիխանեանէն առաջ Վազգէն Թեւանեան հանդիսացած էր 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր, իսկ Մանուէլ Խնձրցեան եւ Արման Աւագեան` պրոնզէ մետալակիր: