Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին կատարուեցան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումները:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող այս հանգրուանի մրցումներէն ետք, ցարդ չորս խումբեր ապահոված են փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը:
Պայէրն Միւնիխի եւ Եուվենթուսի օրինակին հետեւեցան Լիվըրփուլ եւ Այաքս Ամսթերտամ:
Նշենք, որ Լիվըրփուլի յաղթանակը նկատուեցաւ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անիկա արձանագրուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ:
Անկասկած, Ե. եւ Զ. հանգրուանի մրցումները պիտի ըլլան բաւական տաք եւ ճակատագրական` մնացեալ տոմսերուն համար: