Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան, որ երէկ գիշեր հիւրը եղաւ աւստրիական «ԼԱՍՔ»-ին, կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը` 2-0 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց ճափոնցի 21 տարեկան յառաջապահ Քէյթօ Նաքամուրա` 12-րդ եւ 87-րդ վայրկեաններուն:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին մրցումը` Երեւանի մէջ, դարձեալ աւարտած էր Աւստրիոյ ներկայացուցիչին յաղթանակով (3-0):
Այսպիսով, սերպ Միլան Միլանովիչի գլխաւորած կազմը վերջնականապէս զրկուեցաւ փլէյ օֆի տոմս մը ապահովելու կարելիութենէն` նկատի ունենալով, որ հայկական կազմը ցարդ ոչ մէկ կէտ կրցած է ապահովել, մինչ երկու կազմեր ունին 10-ական կէտ: