Սպանական Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա հանդիսացաւ չորրորդ ֆութպոլիստը, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կը նշանակէ 75 կոլ:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող վերոնշեալ մրցաշարքին Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պենզեմա, որ Շախտիոր Տոնեցքի դէմ տուպլէ մը իրագործելով կերտեց իր կազմին յաղթանակը (2-1)` նշանակելով իր 74-րդ եւ 75-րդ կոլերը, այսպիսով կատարեց նաեւ այս մրցաշարքին իր 134-րդ մրցումը:
Մրցանիշը կը պատկանի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի (139 կոլ): Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Լիոնել Մեսսի (123 կոլ), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Ռոպերթ Լեւանտովսքի: