Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը «Պիպլոս»-ի մարզադաշտին վրայ բաւական տպաւորիչ խաղարկութեամբ մը կրցաւ պարտութեան մատնել Պիպլոսը` 102-95 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը ամբողջ խաղի ընթացքին պայքարեցան յաղթանակի ապահովման համար, որուն տիրացան երկու անգամ յաւելեալ ժամ խաղալէ ետք: