Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերտեան գոհունակութեան յայտնեց հայ ծանրաբարձներու ընթացիկ տարուան արդիւնքներուն գծով: Ալավերտեան յայտնեց, որ հայ ծանրաբարձները 2021-ին շահած են 185 մետալներ, որոնց 97-ը` Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ողիմպիական խաղերուն: