Շարունակելով ձախող ելոյթներուն շարքը Պարսելոնա 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը խլեց Սեւիլիայէն: Ալեխանտրօ Կոմեզ յառաջ մղեց Սեւիլիան: Ռոնալտ Արոխօ հաւասարեցուց հաշիւը: Մրցումին 64-րդ վայրկեանին Քոնտէ կարմիր տոմս մը ստանալով լքեց դաշտը: Քաթալոնական ակումբը չկրցաւ օգտագործել քանակական առաւելութիւնը:
Պարսա յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 2 յունուար 2022-ին, Մայորքայի դէմ, այս վերջնոյն դաշտին մէջ:
Ստորեւ` «Լա Լիկա»-ի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորումը.
1.- Ռէալ Մատրիտ` 19 մրց. կոլերու տարբ.`25, կէտ` 46
2.- Սեւիլիա` 18 մրց. կոլերու տարբ.` 16, կէտ` 38
3.- Ռէալ Պեթիս` 18 մրց. կոլերու տարբ`. 11, կէտ` 33
7.- Պարսելոնա` 18 մրց. կոլերու տարբ.` 7, կէտ` 28