Ամփոփելով 2021 տարեշրջանի մարզական նուաճումները` Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան յայտնեց, թէ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկները տարբեր ոլորտներու մէջ նուաճած են 199 մետալ:
«Սա շատ բարձր արդիւնք է», եզրակացուց Գիլոյեան: Նախարարի տեղակալը խոստացաւ իւրաքանչիւր մարզաձեւի համար նոր մարզադաշտ կառուցել յառաջիկայ տարի: Այս առիթով ան ըսաւ, թէ 2022-ին պիտի սկսին Ալպերթ Ազարեանի անուան մարզադպրոցի շինարարական աշխատանքները:
Առ ի գիտութիւն մեր ընթերցողներուն, Ալպերթ Ազարեանը եղած է օղակի հետ վարժութիւններու ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան ( 1956` Մելպուռն, 1960` Հռոմ), աշխարհի ( 1954, 1958), Ասիական խաղերու
(1963` Ինտոնեզիա) եւ Եւրոպայի ախոյեան: Իր ասպարէզին մէջ նուաճած է 45 ոսկիէ, 42 արծաթէ եւ 10 պրոնզէ մետալ: