Եգիպտոսի եւ Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամէտ Սալահ շահեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի համակիրներուն «Տարուան ֆութպոլիստ»-ը մրցանակը: 29-ամեայ ֆութպոլիստը ապահովեց ձայներուն 61 առ հարիւրը: Սալահ անցեալ տարի նոյնպէս շահած էր համանուն մրցանակը: Սալահ 2021 մարզական տարեշրջանի «ՓրԵմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան գծով ցարդ կատարած 40 մրցումներուն ընթացքին նշանակած է 24 կոլ: