Եւրոպայի ճատրակի ախոյեան, Հայաստանի տասը լաւագոյն մարզիկներէն էլինա Դանիէլեան յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի տասը լաւագոյն մարզիկներուն:
«Ուրախ եմ, որ ընդգրկուած եմ Հայաստանի տարուան տասը լաւագոյն մարզիկներուն մէջ: Շնորհակալութիւն բոլորին` իմ օգտին քուէարկելու համար: Եւս մէկ անգամ կ՛ուզեմ շնորհաւորել բոլոր մետալակիրները եւ մաղթել նորանոր յաջողութիւններ, մետալներ եւ յաղթանակներ», յայտնեց Դանիէլեան: