«ԷՆ.ՊԻ.ԷՅ.»-ի մրցումներուն գծով Լոս Անճելըս Լէյքըրզ երրորդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց, երբ 108-90 արդիւնքով խոնարհեցաւ Ֆենիքս Սանզին առջեւ: Սանզ 26 մրցումներու ընթացքին արձանագրած է 24 յաղթանակ: Սանզի մարզիկներէն Տեւին Պուքըր նշանակեց 24 կէտ:
Լեպրոն Ճէյմս 34 կէտ նշանակեց Լէյքըրզի շապիկով, սակայն անոր նշանակած կէտերը բաւարար չէին փրկելու մրցումին արդիւնքը: