Հայաստան հաւանաբար հիւրընկալէ ծանրաբարձութեան 2023 տարեշրջանի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումները:
Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, նշեց, թէ վերջերս Թաշքենտի մէջ կայացած Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին Ծանրաբարձութեան համաշխարհային ֆետերասիոնի ներկայացուցիչներուն հետ ներկայացուցած է սոյն առաջարկը եւ պատասխանի կը սպասէ: