Հայաստանի լրագրողները եւ ազգային խումբերու գլխաւոր մարզիչները քուէարկութեամբ ընտրեցին 2021 տարեշրջանի լաւագոյն տասը մարզիկները:
Ստորեւ` լաւագոյն տասնեակին անուանացանկը.
Ալեքսանեան Արթուր` յունահռոմէական ըմբշամարտ
Ամոյեան Մալխաս` յունահռոմէական ըմբշամարտ
Պաչքով Յովհաննէս` բռնցքամարտ
Դաւթեան Արթուր` մարմնամարզութիւն
Լալայեան Վարազդատ` ծանրաբարձութիւն
Դանիէլեան էլինա` ճատրակ
Յարութիւնեան Արսէն` ազատ ոճի ըմբշամարտ
Մարտիրոսեան Սիմոն` ծանրաբարձութիւն
Մինասեան Գոռ` ծանրաբարձութիւն
Չալոյեան Դաւիթ` բռնցքամարտ
Մարզասէրներուն քուէարկած «Տարուան համակրանք» մրցանակը շահեցաւ աշխարհի ախոյեան Մալխաս Ամոյեանը: