Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ փուլի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ «Սանթիակօ Պեռնպաօ» մարզադաշտին մէջ ընդունեց աղիւսակին նախավերջին դիրքը գրաւող Քատիցը եւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Քատիցի կազմէն կը բացակայէր Հայաստանի հաւաքականի պաշտպան Վարազդատ Հարոյեան:
Հակառակ այս հաւասարութեան, Ռէալ Մատրիտ կը գլխաւորէ Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորումը:



