Երէկ` հինգշաբթի, 3 փետրուարին Պէյճինկի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցաւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին 139-րդ համագումարը:
Քննարկուեցան միայն ամէնէն կարեւոր հարցերը` նկատի ունենալով, որ նիստը եղաւ կարճ:
Յայտարարուեցաւ, որ մնացեալ խնդիրները պիտի քննարկուին մինչեւ տարեվերջ:
Համագումարին ընթացքին ներկայացուեցաւ 2021 տարուան ֆինանսական հաշուետուութիւնը:
Կազմակերպութեան եկամուտը կազմեց 4,16 միլիառ ամերիկեան տոլար, իսկ հասոյթը` 843 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Իսկ 2020-ին եկամուտը կազմեց 623,8 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ ընդհանուր վնասը` 55 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Ժողովականներէն ոմանք դէմ արտայայտուեցան ՖԻՖԱ-ի այն գաղափարին, որ կը ծրագրէ Մոնտիալը կայացնել երկու տարին անգամ մը:
Քննարկուեցան նաեւ «Պէյճինկ-2022»-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն հետ առնչուող զանազան հարցեր:


