Երէկ` ուրբաթ, 4 փետրուարին Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Չինաստանի նախագահ Շի Ճին Փինկ 24-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը պաշտօնապէս յայտարարեց բացուած, իսկ ձմեռնային խաղերուն կրակով վազեցին երկու չինացի պատանի մարզիկներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ պատմական անդրադարձով` ներկաներուն եւ պատկերասփիւռէն ուղղակի հետեւողներուն ներկայացնելով նախորդ` 23 ձմեռնային ողիմպիական խաղերը ընդունած երկիրները:
Ապա սկսաւ պատուիրակութիւններուն մուտքը մարզադաշտ:
Նշենք, որ այս խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 91 երկիրներէ աւելի քան չորս հազար երկսեռ մարզիկներ:
Հայաստանի պատուիրակութեան դրօշը կրեցին դահուկորդ Միքայէլ Միքայէլեան եւ գեղասահորդ Թինա Կարապետեան:
Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն դահուկորդներ Միքայէլ Միքայէլեան, Քաթիա Գալստեան եւ Անկելինա Մուրադեան, ինչպէս նաեւ գեղասահորդներ Թինա Կարապետեան-Սիմոն Սենեկալ պարի զոյգը:
Հայաստանի պատուիրակութեան նախագահն է Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Արմէն Գրիգորեան:
Այստեղ նշենք, որ Պէյճինկ ողիմպիականի խաղերը հիւրընկալած միակ քաղաքն է, որ հիւրընկալած է թէ՛ ձմեռնային եւ թէ՛ ամառնային (2008) խաղերը:




