Աթլեթիք Պիլպաօ-Ռէալ Մատրիտ մրցումով ամբողջացան Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի հանդիպումները:
Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմը, որ Պիլպաոյի մէջ հիւրընկալուեցաւ Աթլեթիք Պիլպաոյէն, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց սպանացի յառաջապահ Ալեխանտրօ Պերենկեր, մրցումին աւարտէն վայրկեան մը առաջ:
Քառորդ աւարտականի մնացեալ մրցումներուն արձանագրուած էին հետեւեալ արդիւնքները.
Ռէալ Պեթիս-Ռէալ Սոսիետատ` 4-0, Վալենսիա-Քատիս` 2-1 եւ Ռայօ Վայեքանօ-Մայորքա` 1-0:
Երէկ վիճակաձգութենէն ետք յստակացան կիսաւարտականին իրարու դէմ մրցող կազմերը:
Առաջինին Ռայօ Վայեքանօ պիտի մրցի Ռէալ Պեթիսի դէմ, իսկ Աթլեթիք Պիլպաօ` Վալենսիայի դէմ:


