Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, Հայաստան գեղասահքի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Թինա Կարապետեան-Սիմոն Պրուքս Սենեկալ զոյգով:
Հայաստանի ներկայացուցիչները երէկ Քանատայէն հասան Պէյճինկ, ուր պիտի մասնակցին պարի կարճ ծրագիրի մրցումներուն, 12 փետրուարին:
Նշենք, որ ողիմպիական խաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 4 փետրուարին:


