Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ մարզական հաւաք մը կատարող Փիւնիկ Երեւան երէկ իր երկրորդ հաւասարութիւնը արձանագրեց` 0-0 արդիւնքով, երբ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատեցաւ Ֆայհայի դէմ (Սէուտական Արաբիա):
Իր կատարած առաջին մրցումին Փիւնիկ, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Եքաթերինպուրկի Ուրալի հետ (Ռուսիա), ցարդ արձանագրած է միայն յաղթանակ մը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յառաջատար Այնի դէմ, 2-1 արդիւնքով:
Նշենք, որ Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչն է Եղիշէ Մելիքեան:


