Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականի անդամներէն մէկուն եւ պատուիրակութեան անդամներուն կատարած «Քորոնա» ժահրին քննութեան արդիւնքը եղած է դրական, այս մասին յայտնեց Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին նախագահը` Գագիկ Սարգսեան:
Ան խօսելով ստեղծուած իրավիճակին մասին յայտնեց, որ ինչպէս օրէնքը կը պահանջէ, պատուիրակութեան բոլոր անդամները, Պէյճինկ չմեկնած «Քորոնա» ժահրի քննութեան ենթարկուեցան, յաջորդաբար երեք օր:
Ան յայտնեց, որ իր, լեռնադահուկորդ Յարութիւն Յարութիւնեանի եւ մարզիչ Արսէն Ներսիսեանի քննութիւններուն պատասխանները դժբախտաբար եղած են դրական:
Անոնք թէեւ զրկուեցան Պէյճինկ մեկնելէ, սակայն Հայաստանի հաւաքականի անդամներ Միքայէլ Միքայէլեան, Քաթիա Գալստեան, Անկելինա Մուրատեան, ինչպէս նաեւ մարզիչներ` Արթուր Միքայէլեան եւ Ալլա Միքայէլեան արդէն իսկ կը գտնուին Չինաստանի հողերուն վրայ:
Նշենք, որ Հայաստանի պատուիրակութեան նախագահն է Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Արմէն Գրիգորեան:


