Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 5 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, մրցեցաւ Ուաֆաա Ղըպէյրիի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Շարքի դաշտին վրայ, վերջ գտաւ մրցակից կազմին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Յակոբ Գուճանեան:
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ գտնուեցաւ քիչ մը անբախտ:
Նախ եւ առաջ, Վարդան Պոյաճեանի կարմիր քարտ ստանալը` 5-րդ վայրկեանին, իր վատ անդրադաձը ունեցաւ կազմին վրայ:
Ապա, ՀՄԸՄ-ի շնորհուած երկու փենալթիները դժբախտաբար չհասան իրենց նպատակին, ինչ որ բնականաբար եղաւ ի շահ մրցակիցին:
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, ՀՄԸՄ մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ (13 կէտ)` իր ունեցած կոլ էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Հատասը:


