Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 5 փետրուարին, Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-«ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.» մրցումը:
Այս մրցումին նախօրեակին, ՀՄԸՄ կը գրաւէր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 18 կէտով, երկու կէտով գերազանցելով նոյնինքն «ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.»-ը:
Արձանագրելով տարեշրջանի իր 7-րդ յաղթանակը` 4-3 արդիւնքով, ՀՄԸՄ աւելի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 21 կէտ:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան (7-րդ), Ժոզեֆ Նատեր (12-րդ) եւ Մահմուտ Ռամատան (27-րդ եւ 38-րդ):


