Միջազգային մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ ֆութպոլը կրնայ դուրս մնալ ամառնային ողիմպիական խաղերէն, եթէ պատահի, որ ՖԻՖԱ-ն գործադրէ իր պնդած ծրագիրը` Մոնտիալը երկու տարին անգամ մը կայացնելու:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն հրապարակեց նախնական ցանկը մարզաձեւերուն, որոնք պիտի ընդգրկուին 2028-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մէջ:
Թէեւ ֆութպոլը եւս ընդգրկուած է այդ ցանկին մէջ, սակայն Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն մօտէն կը հետեւի, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան ֆութպոլի զարգացումները:
Ըստ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի, Մոնտիալին երկու տարին անգամ մը կայացումը, կազմակերպութեան եկամուտը 6 միլիոն ամերիկեան տոլարէն պիտի բարձրացնէ 25 միլիոն ամերիկեան տոլարի:


