Քամերունի մէջ տեղի ունեցող Ափրիկեան ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը վաղը` կիրակի, 6 փետրուարին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` Եգիպտոսի եւ Սենեկալի միջեւ:
Կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին, Եգիպտոս փենալթիներով` 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց դաշտին տիրոջ դէմ:
Մրցաշարքը հիւրընկալող կազմին երեք ֆութպոլիստները չյաջողեցան իրենց առաքելութեան մէջ եւ անոնց հարուածած փենալթիները չհասան իրենց նպատակին:
Նշենք, որ մրցումին 90 վայրկեաններուն եւ երկարաձգման ընթացքին խումբերը չյաջողեցան որեւէ կոլ նշանակել:
Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, Սենեկալ 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Պուրքինա Ֆասոյին:
Այստեղ պէտք է նշել, որ երկու խումբերուն մարզիչներն ալ փորթուգալցի են:
Եգիպտոսի մարզիչն է Քարլոս Քիերոս, իսկ Սենեկալի մարզիչը` Անթոնիօ Քոնսէյքաօ:


