Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ինթեր Միլան բանակցութիւններ կը կատարէ լոնտոնեան Չելսիի հետ` իր կազմին վերադարձնելու համար Ռոմելու Լուքաքուն:
Ըստ իտալական մարզական մամուլին, պելճիքացի ֆութպոլիստը իր խմբակիցներուն յայտնած է, որ ամրան ընթացքին պիտի վերադառնայ Ինթեր, որուն մաս կազմած է 2019-2021 ժամանակամիջոցին` անոր հետ դառնալով Իտալիոյ ախոյեան:
Թէեւ ան ներկայիս տարեկան կը գանձէ 12,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, սակայն պատրաստ է աշխատավարձի կրճատման:
Լուքաքու, որ նախորդ ամրան ընթացքին տեղափոխուեցաւ Չելսի, այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ցարդ իր կատարած 34 մրցումին նշանակեց 12 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ:


