Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան երեք մրցումներ:
17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ Պէյրութ, որ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութը, արձանագրեց բաւական մեծ յաղթանակ մը` 123-56 արդիւնքով (29-11, 32-16, 30-14 եւ 32-15):
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Սէրուժ Աւետիսեան (27 կէտ), որ դաշտ ներկայացաւ 33 վայրկեան:
Ասկէ բացի, ան 10 ֆրի թրոներէն 9-ը հասցուց իր նպատակին:
Պէտք է նշել, որ Սէրուժ Աւետիսեան կը հանդիսանայ բաւական խոստմնալից մարզիկ մը` ապագայի հաշուոյն:
Յաղթական կազմէն տապըլ տապըլ մը իրագործեց Ժերար Հատիտեան (16 կէտ, 10 ռիպաունտ), մինչ խմբապետ Հայկ Կէօքճեան նշանակեց 10 կէտ:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց Սաժես, իր հիւրին` Անիպալ Զահլէին դէմ, 83-56 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն տապըլ տապըլ մը իրագործեց Ժորժ Պէյրութի (23 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Իսկ 18-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Տինամօ 100-63 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պիպլոսի դէմ:


