Նախորդ շաբաթավերջին Սլովենիոյ մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթական մեկնարկ մը ունեցան Գաբրիէլ Սարգսեան, Արթուր Դաւթեան եւ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան:
Էմին Օհանեան, Մամիկոն Ղարիբեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան իրենց հանդիպումները աւարտեցին հաւասարութեամբ:
Իսկ Սամուէլ Տէր Սահակեան միակն ըլլալով պարտութիւն կրեց:
Նշենք, որ ախոյեանութիւնը կը բաղկանայ 11 հանգրուանէ:
Անոր վերջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 6 ապրիլին:


