Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը` մրցելով Փորթուգալի դէմ:
Հայրենի կազմը զտումի մրցումներուն սկսաւ 4-0 արդիւնքով պարտութեամբ մը (կիսախաղ` 1-0):
Զտումի Բ. հանգրուանի Գ. խմբակի մրցումներուն կը մասնակցին նաեւ Անգլիա եւ Իրլանտա:
Իրլանտայի դէմ Հայաստան պիտի մրցի 26 մարտին, իսկ Անգլիոյ դէմ` 29 մարտին:


