Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ երեկոյեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Մոնթենեկրոն:
Մրցումին ազդանշանը տրուելէն անմիջապէս ետք, երկու խումբերն ալ կազմակերպեցին սերտուած յարձակումներ, սակայն հայրենի կազմը 19-րդ վայրկեանին Վահան Բիչախչեանի նշանակած կոլին շնորհիւ կերտեց հաւաքականին յաղթանակը:
Բ. կիսախաղին հիւր կազմը փորձեց արդիւնքը հաւասարեցնել, սակայն չյաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ եւ մրցումը աւարտեցաւ 1-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ այս յաղթանակը Հայաստանի հաւաքականին համար եղաւ 2022 տարուան առաջինը:
Մրցումին աւարտէն առաջ (83-րդ վայրկեանին), Հայաստանի հետ իր նորամուտը նշած Ստեոպա Մկրտչեան ստացաւ կարմիր քարտ մը` իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալէն ետք:
Ան դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ` փոխարինելով Անտրէ Չալըշըրը, որ նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը, իր կատարած փորձերուն ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ:
Այստեղ նշենք, որ հաւաքականին համակիրները պարզած էին խումբին նախկին ֆութպոլիստ, իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին նուիրուած պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր` «ՀՊԱՐՏ ԵՆՔ ՈՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ»:
Սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, իր յաջորդ բարեկամական մրցումը պիտի կատարէ երեքշաբթի, 29 մարտին, Օսլոյի մէջ` հիւրը ըլլալով Նորվեկիոյ:


