Արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա մօտ է այս ամրան ընթացքին հեռանալու իր ակումբէն` Եուվենթուսէն, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
28 տարեկան Տիպալայի փոխանցման հարցերով զբաղող անձը հանդիպում մը ունեցած է Եուվենթուսի ղեկավարութեան հետ:
Նշուեցաւ, որ կողմերը քննարկած են հաւանական նոր պայմանագիրի հարցը, սակայն որեւէ համաձայնութեան չեն հասած:
Այս ամրան ընթացքին Տիպալա կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած խումբին:
Ցարդ Տիպալայով հետաքրքրուած են Ինթեր Միլան, Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Մանչեսթըր Սիթի:


