Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ կը կատարուին յայտագիրին վրայ գտնուող վերջին երկու մրցումները:
Շիահի իր մարզադաշտին վրայ Պէյրութ ժամը 17:00-ին պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Պէյրութը:
Նոյն ժամուն, սակայն Ղազիրի դաշտին վրայ, Անիպալ Զահլէ հիւրը պիտի ըլլայ Սաժես Պէյրութի:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ ցարդ արձանագրած է 3 յաղթանակ եւ կրած 12 պարտութիւն, մինչ Պէյրութ արձանագրած է 12 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն:
Երթի մրցումին (10 դեկտեմբեր) Պէյրութ արձանագրեց 97-60 արդիւնքով յաղթանակ մը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:


