Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Պրեշիայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ֆիլիփօ Ինցակի հեռացաւ կազմէն:
Պրեշիա, որ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը, իր կատարած վերջին չորս մրցումներուն յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել (երեք հաւասարութիւն եւ պարտութիւն մը):
Նշենք, որ Ինցակի իր պաշտօնը ստանձնեց նախորդ ամրան:


