Սեւան քաղաքի Ն. Դագարեանի անուան մանկապատանեկան մարզադպրոցի տնօրինութեամբ եւ կռփամարտի մարզիչներուն կողմէ կազմակերպուեցաւ հերթական յուշամրցաշարք` նուիրուած արցախեան 44-օրեայ պատերազմին Սեւանի շրջանէն զոհուած հերոսներու յիշատակին:
Սեւանի համայնքապետարանի աշխատակազմէն յուշամրցաշարքին մասնակցեցան Գեղարքունիքի մարզի, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան միւս մարզերէն եւ Երեւանէն հասած կռփամարտիկներ:
Յաղթականները յուշամրցաշարքին կազմակերպիչներուն կողմէ պարգեւատրուեցան պատուոյ գիրերով եւ մետալներով, իսկ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի զոհուածներուն հարազատներուն տրուեցան զոհուած քաջորդիներուն նկարներով կռփամարտի ձեռնոցի տեսքով անուանական յուշանուէրներ:


