Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի 22 տարեկանէն վար երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ աւարտեցան նախնական հանգրուանի մենամարտերը:
Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ Ռուսլան Ասլիկեան (57 քկ) եւ Արթուր Շախպազեան (63,5 քկ) իրենց արձանագրած տպաւորիչ յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը եւ այսօր կը պայքարին ոսկի մետալի համար:
Ասլիկեան, որ կիսաւարտականի իր յաղթանակը արձանագրեց թուրք Տահիր Աքքոյունի դէմ, աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ իտալացի Միշել Պալտասը:
Իսկ Շախպազեան, որ իր յաղթանակը արձանագրեց ազրպէյճանցի Ճալալ Կուրպանովի դէմ, այսօր կը մրցի թուրք Էօզմեն Քերիմի դէմ:
Աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլիդա Քոչարեան 60 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր:


