Փորթուգալցի անուանի մարզիչ Քարլոս Քիւյերոս հեռացաւ Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբէն, երբ իր կազմին հետ չկրցաւ 2022-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն տոմս մը ապահովել:
Ափրիկէի գօտիին մէջ տեղի ունեցած փլէյ օֆի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, անոր կազմը դարձի մրցումին փենալթիներով (3-1) պարտութիւն մը կրեց Սենեկալէն` չկարենալով ապահովել Քաթարի իր տոմսը:
Երթի մրցումին Եգիպտոս արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, իսկ դարձի մրցումին` Սենեկալ:
69 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը Եգիպտոսի մարզիչ նշանակուած էր սեպտեմբեր 2021-ին:
Անոր հետ Եգիպտոս այս տարի հասաւ ափրիկեան ազգերու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, ուր պարտուեցաւ Սենեկալէն:


