Երէկ` ուրբաթ, 1 ապրիլին, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին տեղի ունեցաւ 2022-ի Մոնտիալի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Ինչպէս ծանօթ է, Մոնտիալի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ ձմրան ընթացքին. 21 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր:
Ստորեւ` տեղի ունեցած վիճակաձգութեան արդիւնքը.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Քաթար, Էքուատոր, Սենեկալ եւ Նետերլանտներ:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Անգլիա, Իրան, Միացեալ Նահանգներ եւ Սկովտիա- Ուքրանիա մրցումին յաղթականը` ընդդէմ Կալեսի:
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Արժանթին, Սէուտական Արաբիա, Մեքսիքա եւ Լեհաստան:
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Ֆրանսա, Փերու-Աւստրալիա մրցումին յաղթականը` ընդդէմ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, Դանիա եւ Թունուզ:
Ե. ԽՄԲԱԿ.- Սպանիա, Քոսթա Ռիքա-Նոր Զելանտա մրցումին յաղթականը, Գերմանիա եւ Ճափոն:
Զ. ԽՄԲԱԿ.- Պելճիքա, Քանատա, Մարոք եւ Խրուաթիա:
Է. ԽՄԲԱԿ.- Պրազիլ, Սերպիա, Զուիցերիա եւ Քամերուն:
Ը. ԽՄԲԱԿ.- Փորթուգալ, Ղանա, Ուրուկուէյ եւ Հարաւային Քորէա:


