Նախորդ շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները:
Լեռնալիբանանի նահանգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Ահտի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ռաուտա Տըքուանէի դէմ, անկէ կրեց 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
ՀՄԸՄ մնաց Դ. դասակարգին մէջ, մինչ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սաֆա Շուիթ ապահովեց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:
Ինչ կը վերաբերի Պէյրութի նահանգին 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Մապարրայի դաշտին վրայ մրցեցաւ Արզի դէմ, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Աթլեթիքօ Պէյրութ հանդիսացաւ Պէյրութի նահանգի ախոյեան, ՀՄԸՄ Պէյրութ մնաց Դ. դասակարգին մէջ, մինչ Հուփս փոխադրուեցաւ Ե. դասակարգ: