Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի աթլեթիզմի խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աթլեթիզմի միջազգային մրցաշարքի մը (16 տարեկանէն վար), որ կազմակերպուած էր Սուրիոյ աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին չորս երկիրներ` Լիբանան, Սուրիա, Իրաք եւ Պաղեստին:
Լիբանանի մարզիկները, իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացան 17 գունաւոր մետալի (2 ոսկի, 6 արծաթ եւ 9 պրոնզ):
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ: