Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու ֆութպոլի 10-րդ միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ Հայաստանի լրագրողներու կազմին փայլուն յաղթանակով, որ աւարտականին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Աղեքսանդրիա Սփորթինկ Մետիա խումբին դէմ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 խումբեր` Եգիպտոսէն, Հայաստանէն, Վրաստանէն, Մոլտովայէն, Սենեկալէն եւ Ռումանիայէն:
Հայրենի կազմը արձանագրեց չորս յաղթանակ եւ կրեց պարտութիւն մը միայն:
Մրցաշարքին լաւագոյն բերդապահը ճանչցուեցաւ Բագրատ Կազումեան:
Նշենք, որ 2019-ին եւ 2021-ին Հայաստանի խումբը հանդիսացած էր երկրորդ: