Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Սամտորիային, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:
Փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմին այս յաղթանակը կերտեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ 27-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ հռոմեան կազմը 54 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը: