Ռէալ Մատրիտի իտալացի գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
62 տարեկան իտալացիին քննութեան արդիւնքը տուած է դրական պատասխան եւ ան անմիջապէս ինքնամեկուսացուած է:
Մայրաքաղաքի կազմը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ այսօր` շաբաթ, 2 ապրիլին, երբ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 30-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ պիտի հիւրընկալէ Սելթա Վիկոն:
29-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ռէալ Մատրիտ 66 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:


