Այսօր` ուրբաթ, 1 ապրիլին, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2022-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Կազմակերպիչ երկրին կողմէ հրաւէրներ ուղղուած են անցեալի եւ այժմու մարզիչներու, մարզիկներու եւ ֆութպոլի պատասխանատուներու:
Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբին եւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ եւս անոր մասնակցելու հրաւէր ստացաւ:
Սակայն 23 տարեկան ֆութպոլիստը յայտնեց, որ այդ վիճակաձգութեան պիտի չմասնակցի` նկատի ունենալով, որ նախ եւ առաջ ինք Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետը չէ, իսկ երկրորդ, իր ակումբին հետ կը պատրաստուի 3 ապրիլին Լորիանի դէմ տեղի ունենալիք Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանի մրցումին: