Ինթեր Միլանի նախկին գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ, իտալացի մարզիչներու քուէարկութեամբ ճանչցուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի նախորդ տարեշրջանի լաւագոյն մարզիչը, այս մասին յայտնեց Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ անոր հետ Ինթեր Միլան հանդիսացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան:
Այժմ անգլիական Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչ Քոնթէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 6-րդ անգամ ըլլալով է, որ կը տիրանայ այս մրցանակին, ինչ որ կը նկատուի մրցանիշ մը:
52 տարեկան մասնագէտը քուէարկութեան ընթացքին ստացաւ 20 կէտ, մինչ 19 կէտ ստացաւ երկրորդ դիրքը գրաւած Ա. Սէ. Միլանի մարզիչ Սթեֆանօ Փիոլի:
Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Աթալանթայի մարզիչ Ճիան Փիեռօ Կասփերինի (8 ձայն):


