«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի դարձի մրցումին, Պարսելոնայի աղջկանց ֆութպոլի խումբը բաւական մեծ արդիւնքով յաղթեց Ռէալ Մատրիտին եւ ատոր շնորհիւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
«Քամփ Նու»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Պարսելոնա յաղթեց 5-2 արդիւնքով:
Երթի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Սանթիակօ-Պեռնապէօ» դաշտին վրայ, դարձեալ աւարտեցաւ քաթալոնական կազմին յաղթանակով (3-1):
Նշենք, որ դարձի այս մրցումին հաստատուեցաւ միջազգային մրցանիշ մը` նկատի ունենալով, որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ աղջկանց մրցումի մը ընթացքին ներկայ կ՛ըլլայ 91,553 հանդիսատես: