Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 28 տարեկան յառաջապահ Հերի Քէյն որոշեց չհեռանալ իտալացի Անթոնիօ Քոնթէի գլխաւորած խումբէն եւ շուտով նոր պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ իր մաս կազմած ակումբին` Թոթենհամի հետ:
Անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024:
Նախորդ ամառ, ան թէեւ փափաքեցաւ միանալ Մանչեսթըր Սիթիի, սակայն Քոնթէի ժամանումէն ետք, ան տեսնելով, որ խումբին մէջ կը տիրէ աւելի լաւ մթնոլորտ, որոշեց այլ կազմի մը չմիանալ:
Ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 100 միլիոն եւրօ:


